Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յոյսով է, որ Իտլիպի մէջ ստեղծուած իրավիճակը չի խարխլեր ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք կողմերը շատ բարձր կը գնահատեն: Այս մասին կը գրէ է ТАСС գործակալութիւնը:
«Մենք միշտ ալ խօսելու թեմայ ունինք, բայց հիմա յայտնի գօտիին վրայ` Իտլիպի մէջ, իրավիճակն այնքան սրուած է, որ այն կը պահանջէ մեր ուղիղ շփումը»,-ըսած է Փութինը` բանալով ռուս-թրքական բանակցութիւնները:
«Ես կ'ուզեմ անգամ մը եւս իմ ցաւակցութիւննեը յղել Սուրիոյ մէջ ձեր զինծառայողներու մահուան կապակցութեամբ»,-դիմած է Ռուսաստանի նախագահն իր թուրք գործընկերոջ:
Փութին նշած է, որ «մարդոց մահը միշտ մեծ ողբերգութիւն է»:
«Ցաւօք, ինչպէս ես արդէն ըսած եմ հեռախօսազրոյցի ժամանակ, ոչ ոք, այդ շարքին սուրիացի զինծառայողները, տեղեակ չեն եղած անոնց գտնուելու վայրի մասին»,-նշած է Փութին:
Անոր խօսքով` «այս ընթացքին տուժած են նաեւ սուրիացի զինծառայողները, սուրիական բանակը լուրջ կորուստներ ունի»:
Փութինը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանին, որ վերջինս ժամանակ գտած է եւ մեկնած է Մոսկուա` կայացնելու այս հանդիպումը:
Նշենք որ քիչ առաջ կողմերը համաձայնութեան եկած են եւ այսօր կէսգիշերին Իտլիպի մէջ հրադադար պիտի յայտարարուի: