Ատրպէյճանը Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն Հայաստանի մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու մասին պատասխանով նամակ ստացած է, սակայն բաւարարուած չէ գերատեսչութեան այս պատասխանով: Այդ մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է AzTV հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ: Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հրթիռները չեն արձակուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան ընթացքին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան նամակին: Ես ծանօթացեր եմ այդ նամակին: Պատասխանին մէջ նշուած է, որ ռուսական կողմը պալիսթիկ հրթիռներու արձակում չէ նախաձեռնած: Իրականութեան մէջ սա մեր նամակի ամբողջական պատասխանը չէ, քանի որ մեր հայցի հիմնական հարցն այն էր, թէ ինչպէս Հայաստանը ստացած է «Իսքանտեր-Մ» մահաբեր հրթիռները»,- ըսած է Ալիեւը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել