image

«Ոչ մէկ աշակերտ պիտի զրկուի ուսման կարելիութենէն». Մարոնիներու առաջնորդ Պուլոս Ապտըլ Սաթէր

«Ոչ մէկ  աշակերտ   պիտի զրկուի ուսման կարելիութենէն». Մարոնիներու առաջնորդ Պուլոս Ապտըլ Սաթէր

Գրեթէ շաբաթէ   մը ի վեր լայն    արձագանգ  ունեցած է Պէյրութի  Մարոնիներու Առաջնորդ   Պուլոս  Ապտըլ  Սաթէր  եպիսկոպոսի    ըրած  կոչը, որ կը վերաբերէր      յառաջիկայ   օրերուն  Լիբանանի մէջ ընթացք  առնող  ուսումնական տարեշրջանին։

Մարոնիներու  առաջնորդը, որ հակիրճ  կոչով մը հանդէս եկած էր,  յայտարարած  էր, որ  ոչ մէկ  լիբանանցի աշակերտ  նիւթական դժուարութիւն ունենալու  պատճառով պիտի զրկուի  դպրոց   յաճախելու  կարելիութենէն։

Մարոնի  կրօնաւորը նաեւ շեշտած էր, որ    իր ծրագիրը  իրականութիւն  պիտի դառնայ,   շնորհիւ   Պէյրութի Մարոնի  առաջնորդարանի նիւթական   միջոցներով։

Յիշեցնենք,  որ  Լիբանան  վերջին     շրջանին կ՚ապրի  տնտեսական  բաւական  բարդ   իրավիճակ մը, որու պատճառով ալ ուսման ծարաւի    աշակերտներու մեծ  տոկոս մը կը ստիպուի    հեռանալ    դպրոցէն  կամ  լաւագոյն պարագային    յաճախել  Պէյրութի      պետական  վարժարաններ,  որոնք  իրենց մակարդակով  կը զիջին     միւս   դպրոցներուն։

Նոյն  խնդիրը  կայ նաեւ Լիբանանի   հայկական   հասարակութեան  համար,  ուր     լիբանանահայ  աշակերտներ   նիւթական    պայմաններու անբաւարարութեան   պատճառով  կը ստիպուին   յաճախել   պետական արաբական    վարժարաններ,  ուր    հայերէն լեզուի կամ հայագիտական  առարկաներու  դասաւանդում   գոյութիւն չունի։ Վերջին    մէկ ամսուան ընթացքին  կատարուած  հետազօտութեան     արդիւնքով  յստակ դարձած է, որ   գալիք 2019-2020   տարեշրջանի ընթացքին  լիբանանցի     աշակերտներ  ստիպուած  եղած են  լքել իրենց  վարժարանները եւ ուղղուիլ    պետական վարժարաններ, թիւ մը  որ մեծ  մտահոգութիւն    առաջացուցած է    երկրի    կրթական համակարգի   պատասխանատուներուն մօտ։

 

Գլխաւոր  հարցադրումը, որ  այս պահուն կը հնչէ,   այն է, որ արդեօ՞ք   Ապտըլ Սաթէր եպիսկոպոսի նախաձեռնութիւնը ինչ-որ չափով  պիտի փարատէ  լիբանանցիներու  մտահոգութիւնները։