image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ պիտի ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան հիմնադրման 25ամեակին յոբելենական ձեռնարկին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ պիտի ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան  հիմնադրման 25ամեակին յոբելենական ձեռնարկին

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը 7 Ապրիլին կազմակերպած է իր հիմնադրման 25ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ մը:

Տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան: Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բազմաթիւ յայտնի գործիչներ: Տօնական միջոցառումը պիտի սկսի Կիրակի, 7 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 4ին՝ ընդունելութեամբ, ապա պիտի շարունակուի պաշտօնական, մշակութային ծրագիրով եւ ճաշկերոյթով, ժամը 5ին:

Յոբելենական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Կլենտէյլ Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ: Կալա-ճաշկերոյթին ընթացքին պատիւի պիտի արժանանան Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բարեկամներու հիմնադիր խումբին եւ «Հայաստանի տուն» կազմակերպութեան հոգաբարձուների ու տնօրէններու խորհուրդի անդամներ:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատակազմը եւ 25ամեակի կազմակերպական կոմիտէն յառաջիկային  հանդէս պիտի գան  յոբելենական ձեռնարկին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկատուութիւններով: