Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երկուորեակներու պապիկ դարձած է. ծնած են անոր դուստրին տղան եւ աղջիկը:
ՀՀ Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Հարութիւնեան, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի աղջկան ամուսինն է, յայտնած է, որ ծնած են իր զոյգ բալիկները:
«Արմէնբրէս»-ի փոխանցմամբ, այս մասին փոխնախարարը գրառում կատարած է ֆէյսպուքեան իր էջին: «Տղաս ու աղջիկս ծնեցան»,-նշած է ան ու ստացած բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: