Լիբանանի մէջ դատապարտման մեծ ալիք բարձրացած է Սայտա քաղաքին մէջ անծանօթներու կողմէ կատարուած վանտալիզմի հետեւանքով:Կը փոխանցուի, որ անծանօթները փշրելէ ետք են Սայտայի «Ապրա ալ քատիմա» աւանի մայրուղիին վրայ գտնուող մատուռին ապակիները դուրս բերած են հոն տեղադրուած «Սուրբ Եղիա»ի արձանիկը եւ գետին նետելով փշրած են զայն: Ապահովական մարմիններ աւելի ուշ ձերբակալած են չորս սուրիացիներ, որ կը կարծուի թէ դէպքին հեղինակներն են: Սայտա քաղաքի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, որոնց շարքին քաղաքապետ Մոհամմատ Ալ Սըհուտի խստօրէն դատապարտած են դէպքը հաւաստիացնելով, որ դէպքին ծալքերն ու հեղինակները անպայման պիտի բացայտուին եւ համապատասխան պատիժ ստանան:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ նման դէպք մը եղած էր նաեւ Ճըզին քաղաքին մէջ, ուր յանցագործներ պղծած էին Սրբուհի Ռիթայի մէկ արձանիկը:
