Բրիտնական The Guardian թերթին հաւաստմամբ, Փութինի նախագահական պաշտօնէն հեռանալէն ետք մեծ բաց պիտի թողու իր ետին:
Յօդուածագիր Շոն Ուոքըրի կարծիքով, թէեւ Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւնները 18 մարտին պիտի կայանան, սակայն նկատի ունենալով, որ Փութինի յաղթանակը անքննարկելի է, հետեւաբար Ռուսիոյ բնակչութեան համար նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները ոչ թէ այս տարի, այլ 2024 թուականին է:
Անդրադառնալով 2024 թուականի ընտրութիւններուն, յօդուածագիրը համոզմունք յայտնած է, որ այն շատ աւելի բարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ հակառակ վերջին տարիներուն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ մղուած արտաքին պատերազմներու ծանր պայմաններուն, սակայն դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել Քրեմլինն առանց Փութինի:
Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, որ Փութին մինչեւ օրս տակաւին վերջնական որոշման չէ հասած 2024 թուականէն ետք իր կատարելիք գործողութիւններուն վերաբերեալ, սակայն ակնյայտ է, որ ան անընդհատ կը փորձէ ապագայի վերաբերեալ իր որոշումներու կայացումը յետաձգել:
«Հաւանաբար Փութին իր մօտիկ անձնաւորութիւններէն մէկուն թեկնածութիւնն առաջարկէ 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն համար, իսկ ինք այլ պաշտօն ստանձնէ, ինչպէս օրինակ Տումայի պաշտօնական խօսնակի պաշտօնը, այդպիսով ապահովելով իր ազդեցիկ ներկայութիւնը քաղաքական գետնի վրայ»,- գրած է թերթը: