ԱՄՆ Նորընտիր նախագահի որդի ՝ Տոնալտ Թրամբ Ճր. որսորդութիւն կատարելու նպատակով Թուրքիա այցելած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Տողան» գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ անշարժ գոյքի յայտնի միլիարատէրը Անթալիա հասած է Գերմանիայէն, ուր քանի մը օր վայրի այծեամի որսի համար մնացած է Թուրքիոյ զբօսաշրջային այն քաղաքին մէջ:
Ըստ աղբիւրին նախագահ Թրամբի որդին մեծ սէր ունի որսորդութեան հանդէպ: