image
Հրատապ լուրեր:

«Տոհայի օդակայանին մէջ կօշիկով գլխուս հարուածեցին». Ռուսաստանի դեսպան

«Տոհայի օդակայանին մէջ կօշիկով գլխուս հարուածեցին». Ռուսաստանի դեսպան

Քաթարի մօտ Ռոսիոյ նախկին դեսպան Վլատիմիր Թիթորինքօ յայտնած է, որ 2011 թուականին Տոհայի օդակայանին մէջ յարձակման ենթարկուած է:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին համաձայն, օդակայանի մաքսային կէտի պաշտօնեաները փորձած են Թիթորինքոյի մօտի դիւանագիտական նամականին ստուգման ենթարկել, սակայն երբ վերջինս մերժած է յանձնել այն ու դիմադրութիւն ցուցաբերած, օդակայանի աշխատակիցները յարձակելով անոր վրայ զինուորական կօշիկներով դաժան ծեծի ենթարկած են զինք, հարուածելով մասնաւորապէս գլխուն, որուն հետեւանքով վնասուած է դեսպանին տեսողութիւնը: