Սխալ որոշում կայացնողները պատասխան պիտի տան. օրէնքի առաջ բոլորը հաւասար են։ Այս մասին 18 յունիսին, դատարանէն դուրս գալով, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը։
Լրագրողը յիշեցուցած է Ծառուկեանին, որ ինքը քանի մը օր առաջ ըրած է յայտարարութիւն, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իրեն ըրած է առաջարկութիւններ, որ ինքը չէ ընդունած, հարցին՝ ի՞նչ առաջարկութիւններու մասին կը խօսի ինքը, Ծառուկեանն ըսած է. «Ուրեմն ես ինչ ասեր եմ՝ իմ ըսածին տէր եմ։ Հիմնական խնդիրը ինչ ըսեր եմ, իմ խօսքը կը պահեմ՝ անկախ ճնշումներէ, միեւնոյնն է, արդարութիւնը իր տեղը պիտի ունենայ։ Սխալ որոշում կայացնողները ատոր համար պատասխան պիտի տան. օրէնքի առաջ բոլորը հաւասար են, բայց շինծու, սարքած գործ է»:
Ծառուկեանը անդրադարձած է նաեւ քրէական գործին. «Հիմա փաստաբանները ձեզի կը ներկայացնեն. Ժամը, յանձնարարութիւնը, քննութիւնը, միայն այս գործի համար հարիւր քանի քննիչ 2 օրուան մէջ… սա ինչ թերոր էր։ Ընտրութեան վերաբերեալ ալ մէկը չըսեր, որ՝ Ծառուկեանը կապ ունի կամ Ծառուկեանը գումար տուած է։ Դէպքը եղած է 4 փետրուարին, Վազգէնին ստուգելով… գործը եղած է ու պրծած է, ոչ մէկ քննութիւն եղած է ու անմիջապէս իմ ելոյթէս ետք 120 քննիչ խառնուեր են այդ գործին։ Ես որեւէ կառավարման հետ գործ չունիմ, ես սեփականատէր եմ»։
ԲՀԿ առաջնորդը ըսած է, որ իշխանութիւնը ոչ մէկ խոստում կատարած է, եւ, որ երկիրը անդունդի եզրին է. «Բոլորդ ալ կը տեսնէք. ընկերային, տնտեսական, քաղաքական։ Ժողովուրդը սովի պիտի երթայ, ոչ մէկ լաւ բան կը սպասուի»։