image

Ծանր Հրթիռարձակումներ Հալէպի Հայկական Շրջաններուն Մօտ

Ծանր Հրթիռարձակումներ Հալէպի Հայկական Շրջաններուն Մօտ

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Հալէպի հայկական թաղամասերը ծանր հրթիռարձակման թիրախ դարձած են։ Այս մասին «Արեւելք»-ին յայտնեց Հալէպի մեր թղթակից Ժիրայր Կարապետեանը։ Մեր աղբիւրը նաեւ յաղորդեց, որ հրթիռներ ինկած են Վիլաններ շրջանի կից եղող Տամոյեան անցարգելի ինչպէս նաեւ՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շրջափակին մօտ։ Հրթիռարձակումներ կատարուած են նոյնպէս Հալէպի Արքուպ շրջանի, Քափրի եւ Սահէթ Փեժօ շրջաններուն մօտ։ Մեր աղբիւրը նոյնպէս յաղորդեց, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած են մարդկային զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական ծանր վնասներ ։