image

Տօներն առանց զարդարանքի. Հասիչէի քրիստոնեաները կը բողոքեն թրքական ներկայութեան դէմ

Տօներն  առանց  զարդարանքի. Հասիչէի քրիստոնեաները  կը բողոքեն   թրքական ներկայութեան դէմ

Հասիչէի քրիստոնեաները, առ ի նշան սուրիական հողերուն վրայ թրքական զօրքերու ներկայութեան բողոքի, նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են։

Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Մայատին» կայանը, որ նաեւ նշած է, թէ  մասնաւորապէս Հասիչէի քրիստոնեաներ յայտնելու համար կարգ մը շրջաններու մէջ թրքական զինուորական ապօրինի ներկայութիւնը, իրենց տօնածառերը բնականոն կերպով  չեն զարդարած եւ որոշած են զուսպ պայմաններով դիմաւորել  տօնական  օրերը։

Կը նշուի նաեւ, որ երէկ Հասիչէի մէջ տեղի ունեցած Սուրբ ծննդեան պատարագներու ընթացքին շրջանին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող միաբաններ իրենց խօսքերուն մէջ շեշտած են, որ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը յանուն Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։

Յիշեցնենք, որ այսօրուան կտրուածքով  Սուրիոյ աւելի  քան վեց   շրջաններ  կը գտնուին թրքական զօրքերու եւ Անգարայէն ուղղակի նեցուկ ստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ։