Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանտ Տինքի սպանութեան գործով նոր ապացույցներ ի յայտ եկած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ CNNTurk լրատուական գործակալութիւնը, նշելով, որ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան կողմէ հետաքննութեան գործով ձեռք բերուած հեռախօսային ձայնագրութիւններէն պարզ դարձած է, որ սպանութեան օրը մարդասպան Օկիւն Սամասթին հետեւած են թրքական հետախուզական ծառայութեան 6 աշխատակիցներ: Սպանութեան վայրը գտնուող տեսախցիկներու վերստուգումէն բացայայտուած է վերջիններուս ինքնութիւնը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հետաքննութեան արդիւնքով պարզ դարձած է նաեւ, որ սպանութեան նախորդ օրը, ինչպէս նաեւ սպանութեան օրը դէպքէն երկու ժամ առաջ յիշեալ «իրաւապահները» զբօսնած են «Ակօս»-ի խմբագրատան առաջ: Անոնք հետեւած են Օկիւն Սամասթին անոր դէպքի վայր ժամանելէն ի վեր, եւ որոշ ժամանակ ալ՝ սպանութենէն ետք:
2014-ի հոկտեմբերին Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 5-րդ դատարանը որոշում կայացուցած էր Հրանտ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկիզբէն սկսիլ: Այս անգամ բոլոր ամբաստանեալներուն պիտի առաջադրուէր «յանցաւոր խմբաւորման ստեղծման եւ կառավարման կամ անոր մէջ մասնակցութիւն ունենալու» մեղադրանք: Բացի այդ, որոշումներ ընդունուած են Տինքի սպանութեան ժամանակ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած 9 անձերու, որոնց շարքին` Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճելալետին Ճերահի նկատմամբ դատական գործեր յարուցելու կապակցութեամբ: