«Սանա» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ իր ներկայացուցիչը՝ Հուսնի Մահալլին տեղափոխուած է Պոլսոյ բժշկական համալսարանի հիւանդանոցը այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ հարցաքննութեան ընթացքին անոր առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է:
Աղբիւրը նշած է, որ Հուսնի Մահալլիին անհրաժեշտ բուժօգութիւն ցուցաբերելէ ետք զինք փոխադրած են հիւանդանոցի նեարդաբանական բաժինը:
Յիշենք, որ Թուրքիոյ դատախազութիւնը սուրիացի լրագրողէն ցուցմունք վերցնելէ ետք պահանջած էր գործը դատարան ուղարկել ու շարունակել կալանքի տակ պահել զինք:
Հուսնի Մահալլիի դէմ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ վարկաբեկելու մեղադրանք առաջադրուած էր, թէ իբր ան իր «Twitter»եան էջին թրքական վարչակարգի շարք մը պաշտօնեաներու հասցէին վարկաբեկիչ գրառումներ կատարած էր:
Ըստ աղբիւրին, Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Մահալլի տունը խուզարկած ու այնտեղ գտնուող ելեկտրական սարքերը առգրաւած էր, միաժամանակ արգիլելով վերջինիս որեւէ կապ հաստատել ոեւէ անձի հետ:
«Սանա» լրատուական գործակալութիւնը բազմիցս փորձած է կապ հաստատել իր լրագրողին հետ՝ անոր առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, սակայն ոչ մէկ կերպ յաջողած: