Թուրքիոյ «Ազատ լրագրողներու նախաձեռնութիւն»ը Տիարպէքիրի մէջ մամլոյ ասուլիս հրաւիրած է, ներկայացնելով Սեպտեմբերի ընթացքին մամուլի դէմ կատարուած իրաւախախտումներու մասին զեկոյցը:
Թրքական «Gercekgundem» լրատուական կայքը, մէջբերելով զեկոյցին մէջ հրապարակուած տուեալները, նշած է, որ Սեպտեմբերին ձերբակալուած է 2 լրագրող, ազատ արձակուած է 4 լրագրող, դատարանի առջեւ կանգած է 53 լրագրող, 4 լրագրող դատապարուած է 7 տարի 8 ամսուայ ազատազրկման, 3 լրատուամիջոցի գոյքը հանուած է վաճառքի, 1 հեռուստակայանի մերժած եւ գործունէութեան արտօնութիւն տալ:
Հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ նախաձեռնութեան խօսնակ Հաքքը Պոլթան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ կալանաւորուած լրագրող կայ, քան ամբողջ աշխարհի մէջ: Ըստ անոր տուեալներուն, Սեպտեմբերի դրութեամբ կալանավայրերու մէջ կոպտօրէն խախտուած են 176 լրագրողներու իրաւունքները:
Պոլթան այս ենթապատկերին վրայ քննադատած է երկրի իշխանութիւնները, որ ըստ անոր, Թուրքիոյ ներսը օրէցօր պատերազմ կը հրահրէ եւ յօդս կը ցնդեցնէ խաղաղութիւնը: