Թուրքիոյ Կապի նախարար Ահմէտ Արսլան յայտնած է, որ երկրին մէջ տեղական որոնողական համակարգ եւ փոստային ծառայութիւն ստեղծուած է, որոնք համատեղելի են ազգային մշակոյթի եւ արժէքներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Turkishminute», նշելով, որ այդ աղբիւրները շուտով պիտի փոխարինեն «Google» եւ «Gmail» ծառայութիւններուն:
Նախարարին կարծիքով, Թուրքիա պէտք է օգտատէրերու տուեալները պահպանէ եւ երաշխաւորէ՝ ներքին շուկային մէջ ամբողջական վերլուծութեան ենթարկելու կապի կարողութիւնը:
Վերջինս աւելցուցած է, որ այս որոշումը ընդունուած է ամերիկեան «Gmail» ել. փոստային ծառայութիւն մատուցողին ապահովութեան վերաբերեալ վերջին բանավէճերէն ետք` երկրի նախագահ Էրտողանին անձնական ելեկտրոնային նամակներու «արտահոսք»ին կապակցութեամբ:
Նոր ծառայութիւններուն անունները դեռ չեն հաղորդուած: