image

Թուրքիոյ մէջ «Google» եւ «Gmail» ծառայութիւններուն պիտի փոխարինեն տեղական տարբերակները

Թուրքիոյ մէջ «Google» եւ «Gmail» ծառայութիւններուն պիտի փոխարինեն տեղական տարբերակները

Թուրքիոյ Կապի նախարար Ահմէտ Արսլան յայտնած է, որ երկրին մէջ տեղական որոնողական համակարգ եւ փոստային ծառայութիւն ստեղծուած է, որոնք համատեղելի են ազգային մշակոյթի եւ արժէքներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Turkishminute», նշելով, որ այդ աղբիւրները շուտով պիտի փոխարինեն «Google» եւ «Gmail» ծառայութիւններուն:

Նախարարին կարծիքով, Թուրքիա պէտք է օգտատէրերու տուեալները պահպանէ եւ երաշխաւորէ՝ ներքին շուկային մէջ ամբողջական վերլուծութեան ենթարկելու կապի կարողութիւնը:

Վերջինս աւելցուցած է, որ այս որոշումը ընդունուած է ամերիկեան «Gmail» ել. փոստային ծառայութիւն մատուցողին ապահովութեան վերաբերեալ վերջին բանավէճերէն ետք` երկրի նախագահ  Էրտողանին անձնական ելեկտրոնային նամակներու «արտահոսք»ին կապակցութեամբ:

Նոր ծառայութիւններուն անունները դեռ չեն հաղորդուած: