image

Թուրքիոյ մէջ ամենավտանգաւորը ազգայնականութիւնն է. Կորիւն Ափրիկեան

Թուրքիոյ մէջ ամենավտանգաւորը  ազգայնականութիւնն է. Կորիւն Ափրիկեան

Թուրքիոյ թեման կը շարունակէ կարեւոր տեղ զբաղեցնել հայութեան այն հատուածներուն համար, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւին այդ երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Հայաստանի մէջ մասամբ, սակայն տարբեր հանգամանքներու բերումով սփիւռքեան տասնեակ գաղութներու մէջ Թուրքիոյ «ներքին կեանք»ին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, հոն ապրող հայութեան հետ կապուած նիւթերը, այդ երկրի ունեցած մեծ ու փոքր խնդիրները, Անգարայի հայութեան հանդէպ ունեցած ժխտողական քաղաքականութիւնը կը շարունակեն մնալ օրակարգի նիւթ։

Ի վերջոյ քիչ չէ անոնց թիւը, որոնք ծնած են Պոլիս ու պայմաններու բերումով  յայտնուած են սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւններուն մէջ ու նաեւ պատկառելի է անոնց թիւը, որոնց համար Թուրքիան կը շարունակէ մնալ «թշնամի երկիր»,  հետեւաբար կ՚ապրին «գիտցիր ամէն ինչ թշնամիիդ մասին» մօտեցումով։   

Բնականաբար սփիւռքի մէջ ապրող այդ երկու հատուածները, կ՚ապրին իրարմէ բոլորովին անկախ եւ կը գործեն բաւական տարբեր օրակարգերով։

Շատ յաճախ կը պատահի, որ Պոլիս հաստատուած գործիչներ իրենց «սուր» խօսքին շնորհիւ կը յաջողին նուազագոյնի հասցընել վերոնշեալ երկու հատուածներուն միջեւ առկայ բացը ու այդպիսով ալ յաջողիլ ստեղծել միացեալ օրակարգ մը, որ սակայն իր աւարտին կը հասնին ձեռնարկի մը, միջոցառման մը կամ մեծ հաշուով ելոյթի մը կամ դասախօսութեան մը աւարտին։ Հոս եւս նկատելի կը դառնայ, որ մանաւանդ Սփիւռքի լայն հատուածներուն համար Թուրքիոյ նկատամբ «լուրջ» մօտեցում մը, կամ «ընելիքներու ցուցակ» մը չունինք։

Կայ պատմական մեծ ժառանգութիւն, կայ այսօրուան Պոլիս ու պոլսահայութիւն, բայց եւ այնպէս այս բոլորին հետ կապուած կայ մեծ շփոթ եւ ճշգրիտ ու ճիշդ քայլերու բացակայութիւն։

Ամէն պարագայի այսօր հրապարակուած նիւթով «Արեւելք» տեղ կը բանայ Թուրքիոյ մասին աւելի լայն քննարկումներու,յոյս ունենալով, որ մօտեցումները  ըլլան առողջ եւ շինիչ ու ամենակարեւորը մեր բոլորին ճիգերը ծառայեն ու պէտք գան, որպէսզի այդ պատմական անցեալին վրայ յենած պոլսահայ համայնքը  շարունակէ ապրիլ ու շնչել, թէ իբրեւ ներկայութիւն եւ թէ ալ իբրեւ այսօրը վաղուան ագուցող  հիանալի եւ անփոխարինելի օղակ։


 «Արեւելք»


 

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Փարիզ հաստատուած արուեստի գործիչ եւ բեմադրիչ՝ Կորիւն Ափրիկեանը։ 

- Պրն. Ափրիկեան ի՞նչ կը մտածէք Թուրքիոյ մասին: Կը կարծենք, որ բոլորիս  յայտնի  պատճառներով  իւրաքանչիւր հայ  անհատի համար կարեւոր հարց է մեր  հնչեցուցածը։  Առաւել եւս  դուք, որպէս արուեստագէտ մարդ վստահ ենք, որ  տարբեր առիթներով մտածած էք Հայաստան-Թուրքիա  իրավիճակին,  հայկական հարցին,  Թուրքիոյ հայութեան, անոր անցեալին, եւ ապագայի մասին։  Ի՞նչ կը մտածէք   այս բոլորի  մասին:

-Փորձած եմ  տարբեր առումներով մօտենալ Թուրքիոյ: Թուրքիան Հայաստանի համար մեծ եւ կարեւոր երկիր է, կարեւոր դրացի է հետեւաբար պէտք է լեզու գտնել, պէտք է կապ ստեղծել եւ պահել այդ կապերը: Կապեր պէտք է միշտ ստեղծել եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, հակառակ որ դժուար շրջան մը կ'ապրինք եւ վիճակը  շատ բարդ է Թուրքիոյ մէջ:

 

-Այս շրջանին Թուրքիան աշխարհին կը ներկայանայ նէօ-իսլամիզմի  ձեւաչափով։ Ի՞նչ կրնաք  ըսել  այդ մասին։

Նախկին քէմալականները խառնուած են նոր իսլամիստներու հետ, բայց ի վերջոյ իմ կարծիքով Թուրքիոյ մէջ ամենավտանգաւորը ազգայնականութիւնն է՝ մէկը կրնայ քէմալիստ ըլլալ, կրնայ իսլամիստ ըլլալ, սակայն միշտ գերակշռողը ազգայնականութիւնն է, որ շատ վատ է թէ' հայերու եւ թէ ողջ աշխարհի համար: Սակայն ես պիտի ըսեմ նաեւ, որ Թուրքիոյ  առնուազն քառասուն տոկոսը լաւ ձեւով տրամադրուած  է հայերու նկատմամբ եւ անոնց հետ է, որ պէտք է կապ  հաստատել, լեզու գտնել, որովհետեւ  այնտեղ  այսօր  տիրող   վիճակն ալ   յաւիտենական     չէ։


- Այցելած է՞ք Թուրքիա եւ ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը:

Այո, երկու-երեք անգամ գացած եմ եւ շատ տարօրինակ զգացումներ ապրած։ Մէկ կողմէն այն զգագումը կար, թէ իմ երկիրս է, իսկ միւս կողմէն կը զգայի թէ երկիրս չէ։ Թէ  օտար էի, թէ' ալ օտար չէի, թէ' ներսն էի, թէ' ներսը չէի: Դէմքերը, ճաշատեսակները, խօսելու ձեւը շատ հարազատ  են մեզի: Երբ լաւ մարդոց հանդիպինք շատ հաճելի  կը զգանք, որ շատ լաւ ձեւով կրնանք ապրիլ անոնց հետ, բայց անշուշտ անոնք այսօրուան դրութեամբ փոքրամասնութիւն են։