Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, վերջին 24 ժամուան ընթացքին, PKK-ի 31 զինեալներ սպաննուած են թրքական ուժերու կատարած զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով: Բանակին եւ «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան» միջեւ մարտերը կեդրոնացած են Հաքքարի նահանգին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ PKK 10 անդամներ յանձնուած են ապահովական ուժերուն, երկրի հարաւարեւելեան Շըրնաք նահանգին մէջ: Մինչ այդ, ոստիկան մը սպաննուած է ահաբեկիչներուն հետ բախումներու ընթացքին հարաւարեւելեան Տիարպէքիր նահանգի Սիլվան շրջանին մէջ: Բախումներ տեղի ունեցած են, երբ ոստիկանութիւնը կը վարէր խրամատները լեցնելու գործողութիւն մը, որոնք փորուած էին կազմակերպութեան երիտասարդական շարժումին (YDG-H) կողմէ: Պարէտային ժամ յայտարարուած էր շրջանի երեք թաղամասերուն մէջ եւ ցարդ յստակ չէ, թէ երբ պիտի դադրեցուի այն: