Ըստ ամերիկեան CBS կայանին, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուած «յեղաշրջման փորձ»ը կատարուած է խումբ մը բարձրաստիճան սպաներու նախաձեռնութեամբ: Կայանը, որ այս մասին տեղեկութիւն ստացած է ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան ՝CIA-ի մէկ բանբերէն, նաեւ կը հաղորդէ, թէ բանակի սպաներ դժգոհ մնացած են Էրտողանի բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնին ՝ Զօր. Հուլուսի Աքարի նշանակումին առիթով կատարուած ճնշումներէն: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ այս պատճառը կարեւոր վարկած մըն է եւ կան տասնեակ այլ վարկածներ: