image

Թուրքիան վտանգուա՞ծ

Թուրքիան վտանգուա՞ծ

Թուրքիոյ ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահին կարծիքով Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաք  համարուող Պոլիսը վտանգուած է եւ  չի կրնար «ոտքի մնալ», եթէ երկիրը հարուածէ ծանր երկրաշարժ մը: Նասրաթ Սոնա, որ այս թեմային մասին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ կան 20 միլիոն շէնքեր, որոնց միլիոնը վտանգուած է եւ  որեւէ երկրաշարժի պարագային կրնայ հիմնովին փլատակ դառնալ` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային մեծ վնասներ: Թուրք ճարտարապետը նաեւ ըսած է, որ այսօրուան տուեալներով ամէնէն շատ վտանգուած կը համարուի Պոլիս քաղաքը, որուն խիտ կերպով բնակեցուած ըլլալը նոյնպէս  ծանրակշիռ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել:

Սոնա նաեւ յայտնած է,որ Թուրքիա քսան տարուան կարիք ունի «պատրաստուելու» համար բնական աղէտներու եւ յատկապէս ցնցիչ  երկրաշարժներու: