Թուրքիոյ հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի գերագոյն խորհուրդը փակել տուած է կրօնաւոր Ատնան Օքթարի հեռուստակայանը:
Թրքական «Հիւրիյէթ» թերթին համաձայն, հեռուստակայանը փակելու որոշումը կայացուած է Օքթարի եւ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու վարչութեան նախագահ Ալի Արպաշի միջեւ ծագած տարակարծութեան որպէս արդիւնք:
Ալի Արպաշ այս առթիւ յայտարարած է, թէ Օքթարին պատկանող «A9» հեռուստակայանը փակելու որոշումը թէեւ կրօնական իշխանութիւններու կողմէ չէ կայացուած, սակայն այն անհրաժեշտ էր:
Նշենք, որ հեռուստակայանը փակելու որոշման համար որպէս գլխաւոր պատճառ ներկայացուած է այն, թէ Օքթարի մասնակցութեամբ սփռուած հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին, մինչ Օքթար Ղուրանի մեկնաբանութիւն կ'ընէր, անդին, նոյն տաղաւարին մէջ հաւաքուած տղաք ու աղջիկներ ոչ պատշաճ ձեւով կը պարէին: