Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը յայտնած է, որ Աֆրինի դէմ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները անյաջողութեան մատնուելէ ետք, վերջինս կը շարունակէ հրթիռակոծման ենթարկել Մետանքիի ամպարտակը, նպատակ ունենալով ջրախեղդ ընել Աֆրինը: Այս մասին կը հաղորդէ «Sky News» լրատուական կայքը:
Պաշտպանի գրասենեակը նշած է նաեւ, որ թրքական ուժերը կիրակի օրուընէ ի վեր կը շարունակեն հրթիռակոծումը, նիւթական ծանր վնասներ հասցնելով ամպարտակին:
Յարձակումները չդադրեցնելու պարագային, ամպարտակն ամբողջութեամբ կործանելու վտանգին առջեւ կանգնած պիտի ըլլայ:
Ըստ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն, ամպարտակի հրթիռակոծումը շարունակուելու պարագային, շրջակայ գիւղերու հազարաւոր բնակիչներ ջրախեղդ պիտի ըլլան: