image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. «Ամերիկայի հետ միասին ենք Մընպէճի մէջ»

Թուրքիա. «Ամերիկայի հետ միասին ենք  Մընպէճի մէջ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաուլութ Չաւուշօղլուն ուրբաթ օր Պրիւքսէլի մէջ իր ամերիկացի գործընկերոջ Մայք Պոմպէոյի հետ հանդիպման աւարտին յայտարարած է, որ Թուրքիան ԱՄՆ-ի հետ պիտի շարժի Սուրիոյ  Մընպէճ շրջանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:

 

Չաւուշօղլուն նաեւ ըսած է, որ Ֆրանսան Մընպէճի մէջ ներկայութիւն չունի, աւելցնելով, որ Թուրքիան «լաւ առաջարկներ» կ'ընէ իր դաշնակիցներուն, իրեն «Patriot» տիպի հրթիռներ եւ այլ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարելու համար: