Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեան կին ներկայացուցիչը ձերբակալուած է՝ «Twitter»ի վրայ կատարած գրառումներու պատճառով : «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառայութեան համաձայն, «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) խորհուրդի անդամ, փաստաբան Սերա Քատըկիլ ձերբակալուած է դատարանին մէջ, ուր գացած էր «Պիլալ Էրտողանին վիրաւորելու» առթիւ յարուցուած գործով ցուցմունք տալու համար:
Ձերբակալման որոշման հիմք հանդիսացած էր ընկերային ցանցի վրայ Քատըկիլի կատարած հրապարակումները, որոնք բնութագրուած են որպէս «հանրապետութեան նախագահին ուղղուած վիրաւորանք» եւ «ազգի մէկ մասի կրօնական արժէքներու նսեմացում»:
33-ամեայ փաստաբանը դէպքի վերաբերեալ «Twitte»-ի վրայ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը ըրած է .
«Առաւօտեան իմ դէմ ուղղուած լայնածաւալ զրպարտիչ քարոզարշաւ պիտի սկսի: Ուզեցի ես անձամբ նախապէս տեղեկացնեմ: Անոնք գտած են 6-7 տարի առաջ թողարկած իմ գրառումները»:
CHP-ական գործիչի ձերբակալութիւնը քննադատած է կուսակից պատգամաւոր Պարըշ Եարկատաշը: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Սերա Քատըկիլ փաստաբան է եւ անոր ձերբակալելու համար անհրաժեշտ է արդարադատութեան նախարարութեան յատուկ թոյլտուութիւն: