image

Թուրք Նախարարին Ըսելով PKK-ի Դէմ Գործողութիւնները Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան

Թուրք Նախարարին Ըսելով    PKK-ի Դէմ Գործողութիւնները Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Էֆքիան Ալա  երկրի խորհրդարանին առջեւ ելոյթ մը  ունենալով       արտայայտուած  է Թուրքիոյ  հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ   PKK-ին  դէմ ընթացող   գործողութիւններուն  մասին: Այս մասին լուրը  կը փոխանցէ «Սապահ», նշելով,  որ մինչ օրս թրքական անվտանգութեան ուժերու կողմէ  2,040 պատնէշներ եւ խրամատներ հանուած են, եւ PKK- ի զինեալներու կողմէ ցանուած 2,313 պայթուցիկ սարքեր վնասազերծուած են  յատկապէս Սիլվան, Վարթօ, Տէրիք, Տարկէչիթ, Սուր, Ճիզրէ եւ Սիլոփի հարաւարեւելեան շրջաններուն  մէջ: Ալա նաեւ նշած է, որ 830 երկար-հրափող PK տեսակի գնդացիր եւ դիպուկահար հրացաններ արդէն գրաւուած են: 47 հրանետեր, 645 հրանետային ռազմամթերք, հազարաւոր պայթուցիկ սարքեր, 431 ձեռքի նռնակ եւ 98,650 զինամթերք նոյնպէս գրաւուած են անվտանգութեան ուժերուն կողմէ: Աղբիւրը  կը նշէ, որ նախարարին   հաղորդմամբ, Ճիզրէ, Սուր  եւ Սիլոփէ շրջաններուն  մէջ յայտարարուած պարետային ժամը  տակաւին կը շարունակուի, հաշուի առնելով այնտեղ ընթացող անվտանգութեան գործողութիւնները եւ PKK- ի տեղադրած ռումբերը հեռացնելու ջանքերը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ռումբերը լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն  քաղաքացիներու դէմ եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան ուժերու կողմէ անոնց վերացումը ժամանակի կը կարօտի, «Անվտանգութեան գործողութիւնները մօտեցած են աւարտին, ուստի  շուտով պարէտային ժամը աւարտին պիտի հասնի», եզրակացուցած է ան: