Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ սարսափելի վթար տեղի ունեցած է, որուն մէջ կը մեղադրուի Ալեք Մինասեանը։ Այս մասին «Sputnik»ի համաձայն կը յայտնում է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
Մինասեան բեռնատարով դուրս եկած է երթեւեկելի հատուածէն ու վրաերթի ենթարկած է մայթին վրայ գտնուող մարդոց։ Տեղի ոստիկանութեան տուեալներով` բեռնատարի վարորդը սպաննած է՝ 10 եւ վիրաւորած է 15 մարդ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է բեռնատարի վարորդ 20-ամեայ Ալեք Մինասեանը։
Թորոնթոյի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ քաղաքի մէջ անցորդներուն վրաերթի ենթարկելու դրդապատճառներն առայժմ յայտնի չեն, բայց չի բացառուիր նաեւ այն փաստը, որ յարձակումը կրնայ ահաբեկչական բնոյթ կրել, քանի որ վերջին տարիներուն նման ահաբեկչական գործողութիւններ գրանցուած են եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ: