Լիբանանեան VDL կայանէն իմացանք, որ երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին հետեւանքով երկար տարիներէ ի վեր գործող Pizza Hut- ը փակած է իր դռները։
Առաջատար ուտեստ հրամցնող ընկերութիւնը, որ տարածուած է Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ այս առթիւ հաղորդագրութիւն մը հարապարակած է քաղաքացիներուն յայտնելով, որ իրենք ստիպուած եղած են փակման որոշումն ընդունիլ։
Հաղորդագրութեան աւարտին Pizza Hut-ի տնօրէնութիւնը իր խօսքն ուղղելով լիբանանցիներուն մասնաւորապէս ըսած է ՝« Դժուար պահ կ՚ապրինք, բայց երբեք չմոռնաք, որ միասին գեղեցիկ յիշատակներ կերտած ենք ու վստահ եղէք, որ վաղը աւելի պայծառ օրերու գալուստով առիթ պիտի ունենանք դարձեալ գեղեցիկ յիշատակներ կերտելու..»
Մեր ընթերցողներէն շատեր կրնան հարց տալ, ինչ «կարեւոր» լուր է Pizza Hut-ի փակուիլը, որ «Արեւելք»ի էջով կը ներկայացնէք ընթերցող հասարակութեան, իսկ այդպէս խօսողներուն կ՚ըսենք, որ նման ընկերութեան մը փակուիլը նաեւ կարեւոր ցուցանիշ է, հասկնալու համար, թէ ինչ տեսակի տնտեսական բարդ վիճակի մէջ յայտնուած է մեր բոլորին սիրելի՝ Լիբանանը։