image

Թրքական Սէլճուք Քաղաքին Մէջ Սուրբ Մարիամի Նուիրուած Հսկայ Արձան Մը Պիտի Կանգնեցուի

Թրքական Սէլճուք Քաղաքին Մէջ Սուրբ   Մարիամի Նուիրուած   Հսկայ  Արձան Մը  Պիտի   Կանգնեցուի

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ Սէլճուք     քաղաքի   (երկրի  արեւմուտքը) քաղաքապետարանը , կը նախատեսէ հսկայ արձան մը կանգնեցնել՝ նուիրուած  Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ   «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը  նաեւ կը հաղորդէ, որ Սուրբ կոյսը իր վերջին օրերը անցուցած է այդ շրջանին մէջ եւ  ներկայիս  կայ   հատուած մը,  ուր կը կարծուի, թէ եղած է     Սուրբ Կոյսին բնակարանը:  Այդ հատուածը յայտնի է  Պիւլպիւլ անունով եւ կը գտնուի  շրջանին մէջ գտնուող  լերան ծայրամասին: Կը հաղորդուի  նաեւ, որ  19-րդ դարէն  սկսեալ,շրջանը   եղած է  քրիստոնեայ ուխտավայր, երբ առաջին անգամ   բացայայտուած է   հանրութեան համար: Խթանելու համար  կրօնական զբօսաշրջութեան եկամուտը, Սելչճուքի քաղաքապետ Զէյնալ Պաքըճը  ըսած է, որ իրենք պիտի կանգնեցնեն  հիանալի արձան մը  եւ կը ձգտին միջազգային հաւատքի զբօսաշրջութեան միջոցառում կազմակերպել յառաջիկայ տարի: «Մարիամ Աստուածածնի տունը ամէն տարի  2,5 միլիոն այցելուներ կ'ընդունի, հակառակ իր մեծ նշանակութեան, մինչ Փորթուկալի  Ֆաթիման ամէն տարի կը հիւրընկալէ 5 միլիոն զբօսաշրջիկ», - ըսած է ան, նկատի ունենալով այն քաղաքը, ուր կը կարծուի, թէ 1917-ին  սուրբ Մարիամ  երեւցած է երեք երեխաներու, շրջանը  դարձնելով ակնածելի ուխտավայր մը:«Մենք պէտք է մեր քաղաքը աւելի լաւ ձեւով օգտագործենք», - ըսած է Պաքըճը  խօսելով    կրօնական զբօսաշրջութեան  նպաստող    միջոցառման  մը ընթացքին: Քաղաքապետը նշած է, թէ հակառակ որ տակաւին  չեն որոշած կոթողային արձանի չափը, սակայն «ան պիտի ըլլայ նոյնքան շքեղ, ինչպիսին է Քրիստոս փրկիչի արձանը  Պրազիլի մէջ կամ Ազատութեան արձանը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ»:  Ան նաեւ ըսած է, որ քաղաքապետարանը բանակցութիւններ կը  վարէ ներդրողներու հետ ֆինանսաւորելու համար շինարարութիւնը  եւ նախատեսուած է  արձանը զայն  կանգնեցնել Պիւլպիւլ լերան    ստորատը գտնուող  բարձր դիրքի վրայ, որպէսզի տեսանելի ըլլայ այցելուներուն: Կը նշուի նաեւ, որ հակառակա անոր, որ  Վատիկան  ցայսօր պաշտօնապէս   չէ  ընդունած, որ   վայրը  եղած է ,  Մարիամ Աստուածածնի բնակած վայր,   անցեալ  դարուն  հոն այցելած են  երեք հայրապետներ, իսկ 2006-ին Հռոմի  նախկին Պենետիկտոս Պապը նոյնպէս  այցելած է    այդ շրջան: