Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ Սէլճուք քաղաքի (երկրի արեւմուտքը) քաղաքապետարանը , կը նախատեսէ հսկայ արձան մը կանգնեցնել՝ նուիրուած Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Սուրբ կոյսը իր վերջին օրերը անցուցած է այդ շրջանին մէջ եւ ներկայիս կայ հատուած մը, ուր կը կարծուի, թէ եղած է Սուրբ Կոյսին բնակարանը: Այդ հատուածը յայտնի է Պիւլպիւլ անունով եւ կը գտնուի շրջանին մէջ գտնուող լերան ծայրամասին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ 19-րդ դարէն սկսեալ,շրջանը եղած է քրիստոնեայ ուխտավայր, երբ առաջին անգամ բացայայտուած է հանրութեան համար: Խթանելու համար կրօնական զբօսաշրջութեան եկամուտը, Սելչճուքի քաղաքապետ Զէյնալ Պաքըճը ըսած է, որ իրենք պիտի կանգնեցնեն հիանալի արձան մը եւ կը ձգտին միջազգային հաւատքի զբօսաշրջութեան միջոցառում կազմակերպել յառաջիկայ տարի: «Մարիամ Աստուածածնի տունը ամէն տարի 2,5 միլիոն այցելուներ կ'ընդունի, հակառակ իր մեծ նշանակութեան, մինչ Փորթուկալի Ֆաթիման ամէն տարի կը հիւրընկալէ 5 միլիոն զբօսաշրջիկ», - ըսած է ան, նկատի ունենալով այն քաղաքը, ուր կը կարծուի, թէ 1917-ին սուրբ Մարիամ երեւցած է երեք երեխաներու, շրջանը դարձնելով ակնածելի ուխտավայր մը:«Մենք պէտք է մեր քաղաքը աւելի լաւ ձեւով օգտագործենք», - ըսած է Պաքըճը խօսելով կրօնական զբօսաշրջութեան նպաստող միջոցառման մը ընթացքին: Քաղաքապետը նշած է, թէ հակառակ որ տակաւին չեն որոշած կոթողային արձանի չափը, սակայն «ան պիտի ըլլայ նոյնքան շքեղ, ինչպիսին է Քրիստոս փրկիչի արձանը Պրազիլի մէջ կամ Ազատութեան արձանը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ»: Ան նաեւ ըսած է, որ քաղաքապետարանը բանակցութիւններ կը վարէ ներդրողներու հետ ֆինանսաւորելու համար շինարարութիւնը եւ նախատեսուած է արձանը զայն կանգնեցնել Պիւլպիւլ լերան ստորատը գտնուող բարձր դիրքի վրայ, որպէսզի տեսանելի ըլլայ այցելուներուն: Կը նշուի նաեւ, որ հակառակա անոր, որ Վատիկան ցայսօր պաշտօնապէս չէ ընդունած, որ վայրը եղած է , Մարիամ Աստուածածնի բնակած վայր, անցեալ դարուն հոն այցելած են երեք հայրապետներ, իսկ 2006-ին Հռոմի նախկին Պենետիկտոս Պապը նոյնպէս այցելած է այդ շրջան: