Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատու Եիզրայէլ Քաթցի կարծիքով յառաջիկայ օրերուն Սպիտակ Տան մէջ կայանալիք Նաթանիահու- Թրամբ հանդիպման հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ լիբանանեան «Հըզպալլա»ին դէմ առնուելիք քայլերու ընդհանուր ընթացկարգը:
Քաթց, որ այս մասին խօսած է «Պլումպէրկ»ին ըսած է նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ ԱՄՆ կարեւոր ճիգեր պէտք է գործադրէ «կտրելու» համար Իրանի կողմէ «Հըզպալլա»ին մատակարարուող նիւթական բոլոր միջոցները:
Իսրայէլեան մամուլը իր կարգին, որ այս թեման քննարկման դրած է չէ բացառած, որ Թէլ Աւիւ զինուորական նոր ծրագրեր մշակէ եւ իրականացնէ «Հըզպալլա»ին դէմ: Նշենք, որ յառաջիկային Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունենալիք Նաթանիահու- Թրամբ հանդիպումը պիտի ըլլայ առաջինը իր տեսակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանին երկու երկիրներու յարաբերութինները բաւական մեծ լարում ապրած էին: