image

Ռաֆիք Հարիրին, «Հըզպալլա»ն եւ այսօրուան Պէյրութը ...

Ռաֆիք  Հարիրին, «Հըզպալլա»ն եւ   այսօրուան  Պէյրութը ...

 

Այսօր    տեղի ունեցող բոլոր զարգացումները  ցոյց  կու տան արդէն, որ Թեհրան- Միացեալ Նահանգներ  մեծ պարանձգութեան    գերագոյն  օղակը կը շարունակէ    մնալ  Պէյրութի   մէջ։  
   

 

 

 

 

 

Լիբանանի քաղաքական  դաշտի  հետեւողներուն  համար   կարեւոր    ժամանակներ են։

Մինչ երկրի    ընկերային-տնտեսական սուր տագնապները կը շարունակուին, լիբանանցիք  իրենց հայացքը ուղղած են տարիներ առաջ  կազմուած   Միջազգային  յատուկ դատարանին, որուն   բանբերը աւելի վաղ  յայտարարութիւն մը կատարելով   նշած էր, որ    երկրի   նախկին  վարչապետ   նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի  սպանութեան գործի   դատավճիռը  պիտի յայտարարուի   7 օգոստոսին։

Երկար  փուլի  մը   համար  Լիբանանի  քաղաքական   իշխանութեան կարեւորագոյն        ուժ  համարուող    Հարիրիի սպանութիւնը    մեծ հարուած էր ոչ միայն   ներ-լիբանանեան  փոքր   պրիսմակով    դիտուած,  այլ  կու գար   խարխլելու  Հարիրիի եւ անոր  հովանաւոր  կողմերուն  կողմէ    մինչ այդ    դրուած եւ  ամրացուած    կայունութեան  բոլոր  հիմքերը։

Լիբանան  առանց  Հարիրիի, կամ  աւելի ճիշդը    Հարիրիէն  ետք կը   դառնար  նոր երկիր մը,  շրջանային եւ նոյնիսկ միջազգային առումով  ալ  յայտնուելով    կերպով մը  մեկուսացած    վիճակի մը մէջ։

 

Օգտուելով  Լիբանանի   քաղաքական   խայտաբղէտ   մոզայիքէն,  շատ մը կողմեր      եւ յաճախ նոյնիսկ բաց  թեքստով      ահաբեկչութեան        մեղադրանքի    սլաքները կ՚ուղղէին  երկրի այն   օրերու երկրորդ  համահաւասար ուժին՝  Լիբանանի  դիմադրութեան  եւ աւելի յստակօրէն՝   «Հըզպալլա»ին։

 

2005  թուականին կատարուած սպանութիւնէն   անցած  են   15 տարիներ։ Հարիրի  քաղաքական  թէզը  կամ  աւելի ճիշդը ինչպէս    լիբանանցիները  վարժ են ըսել՝  «Քաղաքական հարիրիացում»ը   այսօր  յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ,  պարզ անոր համար, որ    արաբական տեսակէտով դիտուած եւ  յատկապէս սիւննի  աշխարհի «կիկանթ»  ուժին՝  Ռիատին համար  «քաղաքական Պէյրութ»ը  չունի  առաջուան հրապոյրը։

Սա   նաեւ  կապ ունի     Ռիատի   գահաժառանգ Մոհամմաէտ  Պըն Սըլմանի նոր  հայեցակարգին հետ,  ուր ան  երեւելիօրէն  հետամուտ է  Սուրիոյ  մէջ իր «ձեռքերը  այրելէ» ետք   հեռու մնալ  Պէյրութի   «կրակներ»էն։

Ու այս տեսարանին  դիմաց     անշեղօրէն  յստակ կը դառնայ, թէ ո՞ր կողմին  համար կարեւոր է  դարձեալ  ջուրի երես  հանել խնդիր մը, որ   ոչ մէկ կերպ    կրնայ  օգտակար  ըլլալ   Լիբանանը իր գտնուած   տիղմերէն դուրս  հանելու։

Կայ    վարկած, որ  Հարիրին սպաննող կողմը նպատակ ունէր  «Արաբական  գարնան»՝ ոչ մէկ  գարուն չբուրող   կացութիւնը  հիմնաւորել ու Պէյրութէն  փչած  բոլոր տեսակի   թունաւոր  հողմերը  տարածել Մերձաւոր Արեւելքի  մէջ  Արեւմուտքի համար անմարսելի համարուող    մայրաքաղաքաներուն  վրայ: Եւ անշուշտ  մեր բոլորին համար   պարզ կը դառնար, որ   «Մայրիներու  յեղափոխութիւն»   պիտակով   ընթացք  առած   Պէյրութի  դէպքերը  իրենց    շուքը  տարածեցին  Ալճիրիոյ, Թունիզի Եգիպտոսի եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ  վրայ, ուր    ընկերային իբրեւ թէ ճնշումներու եւ անարդարութեան  ենթարկուած    մասաներ  փողոց իջան իշխանափոխութեան   պահանջներով  եւ ապա  նոյն այդ    միամիտ մասանները իրենք զիրենք  գտան   արիւնալի եւ անորոշ   պատերազմի մը     հրդեհներուն մէջ։

 

Այս բոլորը  մատնեցին  անշուշտ, որ ինչքա՛ն կարեւոր է Պէյրութի  առանցքը   եւ այսօր    տեղի ունեցող բոլոր զարգացումները  ցոյց  կու տան արդէն, որ Թեհրան- Միացեալ Նահանգներ  մեծ պարանձգութեան    գերագոյն  օղակը կը շարունակէ    մնալ  Պէյրութի   մէջ։

Պէյրութի մէջ  կը կատարուին մեծ սակարկութիւնները, եւ ինչ խօսք, այդ  ձեռնածութիւններուն մեծ  մասին    զոհ   կը շարունակէ դառնալ  համայնքային- կրօնական  կարծարատիպերով եւ    երկրի  քաղաքացիական պատերազմէն ատելութեան  «ժառանգ»ով   սնուած     լիբանանցի   քաղաքացիները, որ այսօր   յայտնուած են սովի եւ անօթութեան մեծ ճիրաններուն մէջ։

Բոլորս   քաջ  գիտենք, որ   Լիբանանը հարուածող      տնտեսական պատերազմ»ը ունի քաղաքական   ազդակներ ու յստակ է նաեւ, որ    զէնքի եւ արեան ուժով «Հըզպալլա»ն      խաղէն դուրս մղող  ուժերը կը փորձեն անօթութեան  ճանապարհով նոր  միաւորներ    հաւաքել, կամ ալ երկրին մէջ   նոր արիւնալի   շրջափուլի մը  սկիզբը դնել։

Պէյրութի մէջ կրօնական   ատելութիւնը ներկայ է,  համայնային հատուածականութիւնը     կըսէ ՝ «ես հոս եմ»  ու ասոր վրայ եթէ  աւելցնենք  անօթութեան  սեւ ուրուականը, ապա պիտի ստանանք   «խելագարուած  ամբոխներ»ու տեսարան մը, որ պատրաստ է  այրել  քանի-քանի անգամներ     թշնամիներու ձեռքով տրոհուած   մայրաքաղաք   Պէյրութը։

 

Այսօր  ուրեմն, նոր  խաղ է, որ կը խաղցուի  ու յստակ է, որ այդ  խաղի  մեծագոյն       դերակատարները պիտի ըլլան  լիբանանցիք, որոնք պիտի դառնան      «լարուած ուժանակներ»,    երկիրը ներսէն    զառնելու եւ ներսէն քայքայելու համար։

 

«Երկրի  զաւակները երկրին  դէմ» մօտաւորապէս  այսպիսի  իրավիճակ մը կը տիրէ այսօր Պէյրութի մէջ, իսկ նահատակ վարչապետ  Ռաֆիք Հարիրիի  օրակարգը  դարձեալ եւ յատկապէս այս օրերուն     ջուրի երես  հանելը ունի անշուշտ մէկ նպատակ, որն է  «հրէշ»ի  վերածել    քաղաքական այն ուժը, որ միայն  ռազմական  միաւոր չէ,   այլ ունի     քաղաքական  օրակարգ   ձեւաւորուելու ունակութիւն  եւ   Լիբանանը     «տկար   եւ սողացող» երկրի   վիճակներէն դուրս բերելու իրական կամք։

 Այդ  ուժը   «Հըզպալլա»ն է անշուշտ եւ  ընթերցողներուս  յիշեցնեմ, որ նոյն  «Հըզպալլան»  Ռաֆիք Հարիրիի ամենամտերիմ    եւ   ամենահաւատարիմ քաղաքական  ուժն էր,  հետեւաբար  այս  դիտարկումէն ետք  պա՞րզ  է արդեօք, թէ որո՞ւ  համար էր    նպաստաւոր  նոյն  Ռաֆիք Հարիրիի, սիւննի  աշխարհի   փայլուն   լիտէրին      սպանութիւնը։

Մտածեցէ՚ք  այս մասին։  

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...