Թեհրանահայութիւնը յարգած է Իրան-Իրաք պատերազմին զոհ գացած հայազգի զինուորներու յիշատակը:, Իրանի մէջ նահատակներու մեծարման նուիրուած օրը՝ Փետրուար 4-ին, իւրայատուկ արարողութիւն կազմակերպուած է Թեհրանի «Նոր Բուրաստան» գերեզմանատան նահատակներու բաժնին մէջ: Բանակի բանակի նուագախումբը նախ հնչեցուցած է Իրանի Իսլամական հանրապետութեան քայլերգը, որմէ ետք Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նահատակներու հոգիին համար: Միջոցառման ներկայ եղած են՝ Իսլամական խորհրդարանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պատգամաւորներ, Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ.Կարէն Խանլարեան, Թեհրանի կուսակալը, Կրօնական հոգեւոր առաջնորդներ, Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կրօնական փոքրամասնութիւններու պատասխանատու Սաիտ Թաղաւին, նահատակներու հիմնարկի պատասխանատուներ, պետական ու զինւորական հիւրեր եւ նահատակներու ընտանիքներ: Արարողութեան ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուած են չորս կրօնական փոքրամասնութիւններու, չորս նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն: Հայ նահատակներու անունով յուշանուէր յանձնուած է նահատակ Ալֆրէտ Կապրիի ընտանեկան պարագաներուն: Ապա յաւուր պատշաճի խօսք մը արտասանած է Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ տեղադրած են նահատակներու շիրիմներուն: