Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք իրականացուող ականազերծման աշխատանքներու ժամանակ Սուրիոյ բանակին ենթակայ ուժերը իսրայէլեան զէնքեր ու զինամթերք յայտնաբերած են, որոնք «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն կողմէ կ'օգրագործուէին:
«Սանա» լրատուական գործակալութեան համաձայն, յայտնաբերուած իսրայէլեան զինամթերքին մէջ ներառուած են հրթիռներու արձակման սարքեր, հրթիռներ, բնակարաններ թիրախաւորելու ռումբեր, հրետանիներ, արդիական հաղորդակցման սարքեր ու այլ պայթուցիկ նիւթեր: