Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէմիսթուրա երէկ վերջակէտ մը դրաւ Ժընեւի մէջ տիրող ընդհանուր անորոշութեան: Տէմիսթուրա իր ըրած յայտարարութեամբ դիտել տուաւ, որ Ժընեւի ժողովը սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ 25 Փետրուարին: Մինչ այս յայտարարութիւնը կը կատարուէր, Սուրիոյ բանակը կարեւոր յառաջխացք կը գրանցէր մասնաւորապէս Հալէպի հիւսիսային հատուածներուն մէջ: Օրեր առաջ ժընեւեան ժողովին Սուրիոյ պատուիրակութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Պաշշար Ալ Ժաաֆարի դիպուկ խօսքով մը հանդէս գալով ըսած էր, որ ներկայ հանգրուանին տեղի ունեցածը ոչ թէ բանակցութիւն է, այլ ներսուրիական երկխօսութիւն: Այս խօսքի բովանդակութեան մէջ տարբեր շեշտեր կան, այն առումով, որ ժողովին մասնակից ընդիմադիր կողմերը գետնի վրայ փոփոխութիւններ կամ ըսենք առնուելիք որոշումներու գործադրութիւնը անկարող են ապահովել: Խնդիրը ներկայիս կը գտնուի ընդդիմադիր հատուածներուն մօտ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր «պատուիրատու կողմ»ին կամքը պարտադրել: Այս պարանաձգութեան մէջ կայ նաեւ բանակցութիւններուն քրտական կողմին մասնակցութեան խնդիրը, որ Մոսկուայի համար այսօր աւելի, քան որեւէ ժամանակ դարձած է առաջնահերթ խնդիր: Այս մասին կարեւոր խօսք ըսած է ռուս բարձրաստիճան պատասխանատու մը յայտնելով, թէ նախքան Ժընեւ 3 -ի կայացումը՝ քիւրտերու հարցին շուրջ խմորումները եւ վերջնական համաձայնութեան մը գալը կրնայ տեւել վեց ամիս: Թրքական ոչ-ին դիմաց ռուսական կողմին բարձր մակարդակի ճնշումը կրնայ աւելիով դժուարացնել կողմերը իրար մօտ բերելու Տէմիսթուրայի առաքելութիւնը: Բանակցային հարթակէն դուրս երեւելի զարգացումներ կը գրանցուին զինուորական գետնի վրայ ու զարմանալի չէ, որ մանաւանդ Հալէպի մէջ ընդդիմութեան տարբեր ջոկատները տրամադիք անկումներ ապրին: Թէ ինչքանով ձեռնտու է Ժընեւի հանդիպումները յետաձգել մասնաւորապէս Րիատի եւ Անգարայի համար, այդ մէկը երեւան պիտի գայ յառաջիկայ շաբաթներուն: Իսկ մինչ այդ եթէ բանակին յառաջընթացը առանց մեծ խափանումներու այս հունով ընթանայ, այն ատեն սիւննի աշխարհի երկու կարեւոր եւ որոշիչ դրօշակիրները՝ Րիատ եւ Անգարա կրնան կորսնցնել Սուրիոյ մէջ վերջին երեք տարիներուն իրենց շահած բոլոր խաղաթուղթերը: