Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փէսքովը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վերջին զարգացումներու առընթեր կարծիք յայտնած է առ այն, որ Ռուսաստանի մէջ անխուսափելի չեն հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ընդհանրումները: Փէսքովն այս մասին ըսած է RT հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ժամանակ:
Քրեմլի ներկայացուցիչը, մեկնաբանելով ԼՂ շուրջ իրավիճակի ֆոնին միջազգայնական ընդհանրումներու անխուսափելիութեան եւ անշրջելիութեան մասին նկատառումը, նշած է, որ որեւէ բան դեռ ակնյայտ չէ եւ «անոր ուղղութիւնը» փոխել հնարաւոր է:
Յիշեցնենք, որ 9 նոյեմբերին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են, ստորագրուած է յայտարարութիւն: