Ճիվան Աւետիսեանի նոր Ֆիլմին նկարհանումները մեծ թափով կը շարունակուին: Այս մասին այսօր հաղորդեց «Արեւելք»ի թղթակիցը, որ Արցախ գտնուելով մասնակցած է «Խաչ Մաչ» գիւղին մէջ ընթացող նկարահանումներուն: Նշենք, որ սոյն ֆիլմին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս առիթով Յունաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Երեւանէն Արցախ ժամանած յայտնի դերասաններ: Ֆիլմը կը կրէ «Վերջին Բնակիչը» խորագիրը: Մեր լրագրողին համաձայն Ֆիլմի պատրաստութեան համար Աւետիսեանին կ'օժանդակեն Լիբանանահայ (հայ եւ արաբ) եւ Երեւանցի ձայնի, լոյսի, եւ բեմադրութեան աշխատանքներուն հսկող երիտասարդ ուժեր: Աւետիսեան իր այս աշխատանքային խումբով յաջողած է տարբեր ափեր ապրող եւ ստեղծագործող դերասաններ եւ մասնագէտներ աշխատանքի հրաւիրել: Դարձեալ մեր տեղեկութիւններով եւ ըստ բեմադրիչ Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչ»ը ֆիլմը մեծ պաստառ պիտի բարձրանայ յառաջիկայ 2016 տարուան գարնան: Յիշեցնենք, որ բեմադրիչին նախորդ ֆիլմը կը կոչուէր` «Թեւանիկ» որ մեծ յաջողութիւն գտաւ Սփիւռքի տարբեր հայագաղութներուն մէջ: Լուսանկարը՝ «Արեւելք»ին: