image

Տահէշին աւստրալիացի անդամներ հաւաքագրող ահաբեկիչը սպաննուած է Իրաքի մէջ

Տահէշին աւստրալիացի անդամներ հաւաքագրող ահաբեկիչը սպաննուած է Իրաքի մէջ

Աւստրալիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Աւստրալիոյ կառավարութիւնը այսօր յայտարարած է, որ Աւստրալիոյ  քաղաքացի մը, որ կ'ենթադրուի թէ գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկն է «Իսլամական Պետութեան» կռուողներ անդամագրելու մէջ՝ սպանուած է ԱՄՆ-ի կողմէ Իրաքի վրայ եղած օդային յարձակումներու ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ այս իրողութիւնը մեծապէս կը տկարացնէ կազմակերպութեան կարողութիւնը՝ իրեն շարքերը նոր կռուողներով ապահովելու գործին:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ գլխաւոր դատախազ Ճորճ Պրանտզը  այս մասին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները տեղեկացուցած է, թէ Նիլ Պրաքաշը, որուն անունը կապուած է Աւստրալիոյ մէջ իրագործուելիք շարք մը ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի վրայ անհատական գործողութիւններ կատարելու հետ, սպաննուած է Մուսէլի մէջ 29 ապրիլին իրականացուած օդային յարձակման ժամանակ: Պրանտզ նաեւ աւելցուցած է, որ Մելպորն ծնած Պրաքաշը «Իսլամական Պետութեան» քարոզչութիւնը ընող զանազան տեսերիզներու եւ ամսագրերու մէջ հանդէս եկած է եւ յաջողած է  հաւաքագրել աւստրալիացի տղամարդկանց, կանանց ու երեխաներու խումբեր՝ քաջալերելով ահաբեկչական գործողութիւնները:

Կը նշուի, որ Աւստրալիան անցեալ տարի Պրաքաշի դէմ նիւթական պատժամիջոցներ կիրառած է եւ  10 տարուան ազատազրկման պատիժով սպառնացած է իւրաքանչիւր անձի, որ անոր նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ: