Իրաք- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- ՄԱԿ-ի ենթակայ փախստականներու հարցերով զբաղուող գերագոյն յանձնակատարի հաղորդմամբ, «Իսլամական պետութիւնը» Իրաքի Ֆալլուժա քաղաքին մէջ հարիւրաւոր ընտանիքներ որպէս մարդկային վահաններ կ'օգտագործէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի», նշելով, որ անցեալ շաբաթ, նախքան իրաքեան բանակի կողմէ Ֆալլուժան վերագրաւելու արշաւի մեկնարկը, շուրջ 3700 անձեր փախուստի դիմած են հոնկէ: ՄԱԿ ՓԳՀ-ի մամլոյ խօսնակ Ուիլիամ Սփենտլըր իր հերթին նշած է, որ իրենք տուեալներ ունին Ֆալլուժայի մէջ քաղաքացիներու շարքերէն արձանագրուած վիրաւորներու եւ զոհերու մասին, որոնց թիւը շատցած էր՝ սաստկացած ռմբակոծման զուգահեռ: Սփենտլըր նաեւ նշած է, որ հաղորդագրութիւններ ունին հարիւրաւոր ընտանիքներու որպէս մարդկային վահաններ օգտագործման մասին: Միւս կողմէ ՄԱԿ ՓԳՀ-ն խօսնակ Արիան Ռոմէրի նշած է, որ փախստականներու վկայութիւններու համաձայն, փախուտի դիմողներու մեծամասնութիւնը կ'ապրէր Ֆալլուժայի շրջակայքը, որ շրջան մը կը վերահսկուէր ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք արգիլած էին քաղաքացիներուն փախչիլ: Վակայութիւններուն մէջ նաեւ կը նշուի, որ կազմակերպութիւնը քաղաքացիներուն կը ստիպէ կազմակերպութեան անդամներու կողքին շրջիլ Ֆալլուժայի մէջ:
Սփենտլըր նաեւ նշած է, որ իրաքեան իշխանութիւնները շուրջ 500 մարդ, որոնց շարքին նաեւ մինչեւ 12 տարեկան երեխաներ՝ «անվտանգութեան ստուգում»է կանցնէ, քաղաքէն հեռանալնէն ետք, եւ այս գործողութիւնը թերեւս 7 օր տեւէ: