Տահէշ ահաբեկչկան խմբաւորումը ծանր հարուած ստացած է Ռաքքայի մէջ: Այս մասին կը կարդանք «Հալապ Ալ Ան» էջէն: Աղբիւրը կը գրէ, թէ Սուրիոյ բանակի կործանիչներ հարուածած են քաղաքի ջրամատակարարման գլխաւոր կայանը, որ կը համարուի Տահէշի Ռաքքայի գլխաւոր կեդրոններէն մին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրթիռարձակման հետեւանքով շէնքին մէջ եղող Տահէշի տասնեակ ահաբեկիչներ սպաննուած են: Նշենք, որ Սուրիոյ Ռաքքա եւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքները կը համարուին խմբաւորման գլխաւոր կայանները: