image

«Տահէշ» Ֆէյսպուքի միջոցաւ «կը վաճառէ» իր մօտ եղող կոյսերը

«Տահէշ» Ֆէյսպուքի միջոցաւ «կը վաճառէ» իր մօտ եղող կոյսերը

Սուրիա(«Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան անդամներէն մէկը իր դիմատետրեան էջին կնոջ մը նկարը տարածած է, որու տակ գրած է՝ «Վաճառքի»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ գրառման հեղինակ Ապու Սահտ Ալ-Ալմանին (գերմանացի) նաեւ աւելցուցած է՝ «Բոլոր եղբայրները, որոնք կ'ուզեն ստրուկ գնել, այս մէկուն արժէքն է  8,000 տոլար»: Ժամեր անց, ան այլ կնոջ մը նկարը եւս տեղադրած է եւ գրած՝ «Այս նոյնպէս մօտ 8000 տոլար կ'արժէ»:

Աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ նշեալ մեկնաբանութիւնը դիմատետրի վրայ հրապարակուած էր 20 մայիսին, աւելցնելով, որ շարք մը աղջիկներ, մեծամասնութեամբ եզիտիներ, քանի մը անգամ վաճառքի հանուած են, կազմակերպութեան դրամ ապահովելու նպատակով: Կը նշուի նաեւ, որ այդ աղջիկերը կը տառապին սնունդի եւ դեղօրայքի պակասէն: Բացի այդ, անոնք բանտարկուած են վտանգաւոր վայրերու մէջ, որոնք որեւէ ատեն կրնան ռմբակոծման ենթարկուիլ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ գերմանացին՝  «Facebook» -ի հաշուետէրը կ'ապրի Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»-ի կեդրոն՝ Ռաքքա քաղաքի շրջակայքը, եւ ան մօտէն ծանօթ է կազմակերպութեան գործունէութեան մասին: Ան նաեւ իր հաշիւը օրինաւոր կերպով կ'օգտագործէ նուիրատուութիւններ հաւաքելու նպատակով: