image

Սըլայման Ֆրանժիյէ. Պիտի Չքաշուիմ Նախագահական Ընտրավազքէն

Սըլայման Ֆրանժիյէ. Պիտի Չքաշուիմ  Նախագահական Ընտրավազքէն

  Լիբանանեան  «Ալ Մարատա» հոսանքի առաջնորդ  երեսփոխան  Սըլայման  Ֆրանժիյէ  յայտարարած է,թէ  ինք   պիտի չքաշէ  իր  թեկնածուութիւնը  նախագահական  ընտրավազքէն այնքան ատեն, որ վարչապետ Սաատ Հարիիրի  բացայայտ կերպով չէ  յայտնած իր համաձայնութիւնը  երեսփոխան Միշէլ Աունի  թեկնածուութեան: Մարոնի  առաջնորդը  նաեւ ըսած է, որ ինք Աունի  թեկնածութիւնեան  կողմը պիտի չըլլայ  այնքան ժամանակ, որ Աուն չէ  յաջողած   ապահովել   նախագահ դառնալու  յոյսերը:   Ֆրանժիյէ նաեւ  ըսած է, որ Փարիզի մէջ   Սաատ Հարիրիի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին      վերջինս չէ խօսած  իր Լիբանանի վարչապետութեան պաշտօնին թեկնածուութեան  մասին:  Ան ըսած է, որ  պատասխանելով  Սաատ Հարիրիի «Հըզպալլա»ի զէնքին շուրջ տրուած հարցին  անոր  ըսած է, որ  աւելի լաւ  է այդ խնդիրը  ներկայ հանգրուանին չքննարկել:  Նշենք, որ Ֆրանժիյէ  այս   յայտարարութիւնները  ըրած է լրագրողներուն  առջեւ  Պընշհէյի իր նստավայրին մէջ: