image

Սուրիոյ մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի նկատուին. Տէ Միսթուրա

Սուրիոյ մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի  նկատուին. Տէ Միսթուրա

 Սուրիոյ հարցերով  ՄԱԿ-ի  յատուկ  բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա   տագնապին վերաբերեալ  դրական  շեշտադրումներով ասուլիս մը    տուած է: Տէ Միսթուրա    ըսածէ, որ  Սուրիոյ մէջ  մօտիկ     ապագային   կարեւոր  փոփոխութիւններ  պիտի կատարուին:

 Ան նաեւ ըսաւ,  որ   Ասթանայի   բանակցութիւնները  պիտի վերսկսին յառաջիկայ   սեպտեմբերին, ուր պիտի քննարկուին   հրադադարին  կապուած  մանրամասնութիւններու անկէ ետք ընթացք  պիտի առնեն Ժընեւի    ժողովները, որոնք քաղաքական բնոյթ ունին: