Սուրիոյ կառավարութիւնը հաստատած է Հալէպ քաղաքի վերականգնման աշխատանքներու ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «SANA» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ծրագրին մէջ ներառուած են ճանապարհներու բացումը,քաղաքի ապահովումը ջուրով եւ ելեկտրականութեամբ, զբօսաշրջութեան զարգացումըն ու քաղաքի ապահովութեան բարելաւումը:
Գործակալութեան հաղորդմամբ, մշակուած է վեց ամսուան ընթացքին քաղաքի արեւելեան թաղամասերու 50 դպրոցի վերանորոգման հրատապ ծրագիր:
Նախատեսուած է նաեւ երկաթուղիի եւ օդակայանի վերակառուցումը: