Թատմոր- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Ռուսական «Sputnik» գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Սուրիական ուժերը Թատմորի մօտ ձերբակալած են «Տահէշ»ի առաջնորդներէն Ահմատ Մուրշէտ Ալ-Իրաքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ գերի ինկած «Տահէշ»ի առաջնորդին մօտ եղած են կազմակերպութեան պատկանող կարեւոր փաստաթուղթեր եւ կնիքներ:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ նշեալ անձը ձերբակալուած է յատուկ անվտանգութեան գոծողութեան մը ընթացքին, որու հետեւանքով սպաննուած են քանի մը ահաբեկիչներ, որոնցմէ 5-ը կովկասցի են, իսկ միւսները՝ թուրք, թունէսցի եւ իրաքցի: