image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակը կը յառաջանայ դէպի Եարմուք

Սուրիոյ    բանակը կը յառաջանայ  դէպի  Եարմուք

Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ  յառաջանալ դէպի մայրաքաղաք  Դամասկոսի հարաւային   հատուածը:  Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Մայատին»  կայանը  նշելով   նաեւ, որ       այսօր    բանակային ուժերը  մտադիր են  մուտք  գործել «Հաժժար  ալ ասուատ»   անունը կրող  հատուածը:

Կը  հաղորդուի նաեւ,  որ  բանակը  թէժ մարտեր  կը մղէ Եարմուք  գաղթակայանին    ուղղութեամբ, որ կը համարուի «Իսլամական պետութիւն»  խմբաւորման    գլխաւոր կեդրոնատեղին:

Ըստ վերջին տուեալներուն    երէկ  սուրիական բանակը  թէժ մարտեր մղած է    «Ալ Քատամ»    շրջանին մէջ  եւ այս   շրջանները կը համարուին  Դամասկոսի   խաղաղ  բնակչութիւնը թիրախ   դարձնող ահաբեկիչներուն  «վերջին»  կեդրոնները: