Հալէպ- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Սուրիոյ ընդդիմութեան աղբիւրները յայտարարած են, որ Սուրիոյ վարչակարգն ու անոր դաշնակիցները կը պատրաստուին լայնածաւալ յարձակումներ գործել Հալէպի մէջ՝ ընդդիմութեան շրջաններուն վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք ալ-Աուսաթ», նշելով, որ տաս օրերէ ի վեր օդային յարձակումները երէկ որոշ չափով հանդարտած են, քաղաքին մէջ հրադադարի համաձայնութեան մը հասնելու կոչերուն հետ միատեղ:
Սուրիացի յայտնի ընդդիմադիր Սամիր Ալ-Նաշշար «Շարք Աուսաթ»ին այս մասին ըսած է, որ «ռմբակոծման 10 օրերէն եւ շրջանը իրանեան խմբաւորումներով ամրապնդելէ ետք, յստակ է, որ համաձայնուած ծրագիր մը կայ վրաչակարգի կողմէ՝ Հալէպ քաղաքի ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն վերատիրացման գծով», աւելցնելով, որ ինք ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունի Հալէպէն, որ ռէժիմի ուժերն ու քրտական (ժողովուրդի պաշտպանութեան) ուժերը կը պատրաստուին լայնամաշտապ յարձակման: Ան նաեւ նշած է, որ նախորդող օրերուն«Հալէպը հարուածող օդանաւները ռէժիմին չէին պատկանէր, այլ անոնք ռուսական էին», փաստ ունենալով անոնց թիրախաները հարուածելու ճշգրտութիւնը եւ 3 բժշկական կեդրոններու վրայ ուղղուած հարուածները, ստիպելով 150,000 կազմող բնակիչներուն հեռանալ քաղաքէն:
Նաշշար նաեւ նշած է, որ հակառակ «Հալէպի շարունակողական» ռմբակոծման, կասկածելի է ռէժիմի կողմէ քաղաքը իր վերահսկողութեան տակ առնելու կարելիութիւնը, որովհետեւ «կռուողները երկընտրանքի առաջ են, մահ կամ յաղթանակ, այդ առումով շատ կատաղի պիտի ըլլան յառաջիկայ մարտերը եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ պիտի զոհուին»:
Նաշշար միւս կողմէ քննադատած է վերջին դիւանագիտական քայլերը, որ ձեռնարկած են ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը, զինադադարի կոչ ընելով, նշելով որ այդ ամէնը «կեղծ կոչեր են, հանրային կարծիքի վրայ ազդեցութիւն գործելու եւ կարծել տալու համար, որ միջազգային ջանքեր կը գործադրուին սուրիացիներու սպանդը կասեցնելու ուղղութեամբ»: