image

«Սուրիան յաղթած է .. եւ պատերազմը՝ աւարտած» Al Diar

«Սուրիան յաղթած է .. եւ պատերազմը՝ աւարտած»  Al Diar

Սուրիան դուրս եկած է պատերազմի 7 տարիներէն եւ կը կարծուի, որ պատերազմն աւարտած է, բայց ո՞վ գիտէ: Կը գրէ «Ալ-Տիար», ըսելով, որ այսօր նախագահ Պաշշար Ասատ կազմակերպելով 400 հազար զինուորներէ բաղկացած բանակ, ունի օդային փորձառու զէնք, մեծ մարտական ​​փորձ, եօթ տարի պատերազմելով անսահման ռազմական փորձառութիւն ձեռք ձգած զինուրներ:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Յորդանանը շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ է Սուրիոյ եւ Ասատին դաշնակից Իրաքի հետ,  ինչպէս նաեւ Սուրիան իր ամբողջ տարածքին պիտի արտադրէ մէկ միլիոն տակառ նաւթ: Ինչ կը վերաբերի գիւղատնտեսութեան, անոր ընդարձակ դաշտագետինները սկսած Ալ-Ղապ դաշտավայրէն մինչեւ Հասաքէյի դաշտավայրը, կրնան ապահովել Սուրիոյ բանջարեղէնի, միրգերու  եւ գիւղատնտեսութեան պահանջը, անոր դարձնելով մրցակից Թուրքիոյ, որ 200 միլիառ տոլարի գիւղատնտեսական արտահանում կը կատարէ դէպի Ռուսաստան:

 

Սուրիան նոյնպէս մետաղադրամի եւ ոսկիի հսկայական պահուստային ունի:  Նախագահ Ասատ ձգելով, որ սուրիական դրամը բարձրանայ տոլարի դիմաց, օտար երկիրներէ իր վրայ պարտքեր չկուտակեց, ինչպէս ըրած էր Լիբանանը, եւ ան այսօր ալ կը հրաաժարի դուրսի երկիրներէն պարտք վերցնել, վստահ ըլլալով, որ Սուրիոյ ժողովուրդի 10 տոկոսը ունի այդ հսկայակական  ֆինանսական ներուժը, որ կրնայ վերակառուցել Սուրիան: Ինչպէս նաեւ իրանեան, թրքական ու ռուսական ընկերութիւնները փափաք ունին Սուրիոյ լիարժէք կառուցման յանձնառութիւնը առնելու, ինչի դիմաց Սուրիան անոնց պիտի վճառէ օրական 100 հազար մեթր քառակուսի կազ:

 

Սուրիոյ նախագահը պատերազմական տարիներու ամենամեծ ձեռքբերումը կը նկատէ այն, որ Սուրիան արտաքին պարտքեր չունի եւ Սէուտական Արաբիոյ կարիք չունի:

 

Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսին, ան ամուր յարաբերութիւններ կը մշակէ եւ Իրաքի հետ՝ ամբողջական միացեալ բանակ կը կազմէ եւ ունի աջակցութիւնը  13 միլիոն շիայի, նաեւ լաւ յարաբերութիւններ ունի Քուէյթի հետ: