ՄԱԿ-ի պարէնի հարցերու բարձրաստիճան պատասխանատուի մը կարծիքով Սուրիան կարիքն ունի 300 միլիառ ամերիկեան տոլարի:
Եահքուպ Քիրն, որ այս մասին խօսած է «Ռօյթըրզ»ին նաեւ նկատել տուած է, որ այդ գումարը անհրաժեշտ է, որպէսզի «կարելի ըլլայ Սուրիան ոտքի հանել»: Ան նաեւ նշած է, որ այդ գումարներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սուրիական տարբեր քաղաքներու ջուրի, ելեքդրականութեան եւ այլ պէտքական ոլորտներու քանդուած կամ կիսաքանդ համակարգերը ոտքի հանել եւ երկրին նոր աւիւն տալ:
Ան պատասխանելով լրագրողի հարցին, որ արդեօք «տրամադրող» երկիրներու նախագահ Պաշշար Ասատին դէմ առկայ քաղաքական ժխտական կեցուածքը կրնայ ազդել Սուրիան վերակառուցելու գործընթացներուն վրայ Քիրն նկատել տուած է, որ «սուրիական տագնապը մարդկային տագնապ մըն է, ու հոն եղած պատերազմը միայն ներքին հակամարտութեան արդիւնք չէ»: