image

Սուրիա 1500 թոն պահեստային ոսկի՞ պիտի վաճառէ

Սուրիա 1500 թոն պահեստային ոսկի՞ պիտի վաճառէ

Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու գրանցած յաջողութիւններու եւ երկրի հողերու 85 տոկոսը կառավարական բանակի իշխանութեան տակ անցնելէն ետք, Սուրիա ներկայիս 24 կերատանոց 8000 թոն պահեստային ոսկի ունի, զոր ձեռք բերած էր նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի օրերուն նաւթի վաճառքէն, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, ոսկիի նշուած պահեստը պահուած է Կեդրոնական դրամատան տակ, 40 մեթր խորութեան վրայ կառուցուած 500 հազար քառակուսի մեթր մակերեսով շինութեան մը մէջ, ուր ոչ մէկ հրթիռ կամ ռումբ կրնայ հասնիլ:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ներկայիս Ասատ մտադիր է 500 հազար նորակոչիկ զինուորագրել, սակայն նման որոշման կայացումը կը պահանջէ մեծ թիւով նոր հրասայլերու, զրահապատ մեքենաներու եւ թնդանօթներու ձեռք բերումը, որուն համար Կեդրոնական դրամատունը առաջարկած է 1500 թոն պահեստային ոսկի վաճառել, փոխարէնը պարտաւորուելով 2019 թուականին Լաթաքիոյ մէջ մեկնարկուելիք  կազի արտադրութենէն վերստին ապահովել 1500 թոն ոսկիի ձեռք բերումը:

Տեղեկութիւններուն համաձայն, Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Քաթարի Կեդրոնական դրամատուներն արդէն առաջարկած են 33 միլիառ 600 միլիոն տոլարի դիմաց գնել նշուած քանակի ոսկին: